2014-05-10 13:00:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հանդիպում ''Իտալական կրօնաւոր աշխարհական դասի հաստատութիւններու'' անդմաներուն հետ։


Շաբաթ, 10 Մայիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչը կարտինալ Ժորժ Փելը, Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Մարք Ուելլէն եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւք դասի նախագահը` Կարտինալ Անճելօ Պանիասքոն։
Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 11,30-ին, Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Իտալական կրօնաւոր աշխարհական դասի հաստատութիւններու'' տարեկան հանդիպումի 200 մասնակիցներուն, ու ապա ժամը 12-ին ընդունեց Քահանայապետի ի նպաստ ''Centesimus Annus'' կոչուած հիմնարկի անդամները որոնք Մայիս 8-էն – 10ը, Վատիկանի սիւնհոսդասկան նոր դահլիճին մէջ, գումարած էին, ''բարի ընկերութիւն եւ աշխատանքի ապագայ. Կարե՞լի է որ եղբայրակցութիւնն ու աջակցութիւնը մաս կազմեն աշխատանքային ասպարէզին հայող որոշումներուն'' նիւթով միջազգային գիտաժողով մը ։
Յետ միջօրէի ժամը 5-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կը հանդիպի իտալական դպրոցներու աշակերտութեան։
''Իտալական կրօնաւոր աշխարհական դասի հաստատութիւններու կազմակերպած տարեկան ժողովի 200 մասնակիցներուն հետ հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գնահատեց վերոյիշեալ դասի աշխատանքը ու քաջալերեց ներկաները չվհատիլ որովհետեւ – ըսաւ Ան – դուք մաս կը կազմէք այն աղքատ Եկեղեցիին որ կ՛երազեմ''։ Դուք - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - կոչումով աշխարհական էք եւ քահանայ. Կ՛ապրիք սովորական կեանք մը առանց հասարակութեան մը նեցուկին։ Հարուստ էք միայն Աստուծոյ սիրով ու ասոր համար կարող էք բաժնեկցիլ առօրեայ կեանքի դժուարութիւնները։
Սրբազան Հայրը մատնանշեց ապա հանդիպումի նիւթին որ է ''մարդկային հարցերու սրտին մէջ, բարդ հասարակութեան մը մարտահրաւէրները''։ Այս նիւթը, ըսաւ Քահանայապետը, կը յայտնէ ձեր առաքելութեան վայրը ու ձեր մարգարէութիւնը։ Դուք աշխարհի մէջ էք սակայն աշխարհի չէք պատկանիր ու ձեր մէջ կը կրէք Քրիստոնէական պատգամը` Աստուծոյ սէրը որ կը փրկէ։
Ձեր կոչումն է ըլլալ ամէն մարդու մօտ ու հոգալ անոր պէտքերուն։ Մի կորսնցնէք ձգտումը միշտ յառաջ քալելու աշխարհի ճամբաներուն վրայ։ Աղքատներ աղքատներու միջեւ սակայն կրքոտ սրտով։ Միշտ ուղեւորութեան մէջ, ուխտաւորի ուրախութեան արաքինութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը` ճառին աւարտին, դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ըսաւ ''Տէրը ձեզ օրհնէ ու Տիրամայրը ըլլայ ապաւէն։ Աղօթեցէք ինծի համար''։







All the contents on this site are copyrighted ©.